2014-05-26 10:19:31

''Այլեւս ոչ երբեք Տէր` ոչ երբեք''` Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Եատ Վաշեմը եւ Իսրայելի Աւագ Րաբունապետերը։


Երկուշաբթի, 26 Մայիսի առաւօտեան, Ողբի պատը այցելելէ ետք Սրբազան Հայրը ուղղուեցաւ ''Հերծլ Բլուր'' ուր զետեղեց ծաղկեպսակ մը` ահաբեկչութեան զոհերուն համար ու ապա ուղղուեցաւ Եատ Վաշեմի յուշարձանը ուր Սրբազան Հայրը ճառ մը արտասանեց հարց տալով ''Ադամ ո՞ւր ես. Ո՞ւր մնացիր''։ Շոայի այս յուշակոթողին մէջ Աստուծոյ` Ադամին ուղղած հարցումը դարձեալ կ՛ արձագանգէ – ըսաւ Քահանայապետը - Այս հարցումին մէջ պարունակուած է` իր զաւակը կորսնցուցած Հօր մը խոր ցաւը։ Ան գիտակից էր ազատութեան սպառնալիքներուն, սակայն չէր կրնար պատկերացնել այսպիսի անկում մը, վիհ մը։
Ցեղասպանութեան ողբերգութեան դիմաց այդ հարցումը դարձեալ կ՛արձագանգէ։ Ով մարդ ի՞նչ ըրիր, անճանաչելի դարձար։ Ի՞նչ արարք գործեցիր։ Ո՞վ քեզ այլակերպեց։ Ո՞վ քեզի փոխանցեց սնապարծութիւնը տիրանալու չարին ու բարիին։ Ո՞վ քեզ համոզեց թէ աստուած ես։ Ոչ միայն չարչարեցիր եւ սպաննեցիր եղբայրներդ, այլ ինքզինքդ նկատեցիր որպէս աստուած։
Այսօր դարձեալ կ՛ունկնդրենք Աստուծոյ ձայնը` ''Ադամ ո՞ւր ես'', յարեց Սրբազան Հայրը ու ապա աղօթք բարձրացուց առ Աստուած ` ըսելով ''Տէր գթա՛ մեր վրայ, ունկնդրէ մեր աղօթքն ու աղերսը։ Մեզ փրկէ քու ողորմութեամբդ։ Մենք մեղանչեցինք քու առջեւդ։ Մեզ յիշէ ողորմութեանդ մէջ ու մեզի պարգեւէ շնորհքը ամչնալու մարդոց գործած չարութիւններէն։ Այլեւս ոչ երբեք Տէր` ոչ երբեք։
Եատ Վաշեմի յուշարկոթողը այցելելէն ետք Սրբազան Հայրը ուղղուեցաւ ''Հէյշալ Շլոմօ'' կեդրոնը ուր հանդիպում ունեցաւ Իսրայելի երկու Րաբունապետերուն հետ ու անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ բարեկամութեան, համագործակզութեան եւ հոգեւոր բաժնեկցութեան կարեւորութեան վրայ։
Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց երկխօսութեան կարեւորութիւնը մատնանշելով Սուրբ Աթոռի եւ Իսրայելի աւագ Րաբունապետութեան միջեւ կայացած կապերուն։ Ան հաստատեց թէ ''կանչուած ենք որպէս Քրիստոնեայ եւ Հրեայ, հարցադրելու մեզ միացնող հոգեւոր կապի խոր իմաստի մասին։ Վերէն եկող կապ մըն է, որ կը գերազանցէ մեր կամքը – ըսաւ Քահանայապետը ու ակնարկեց ''Պար Միթզվախ'' ին, որ Հրէական կրօնական աւանդութեան համաձայն, 13 ամեայ երեխայ մը, որ պատասխանատութիւնը կը ստանձնէ ապրելու Թորայի ուսուցումի համաձայն, կը նկատուի հասուն եւ կը դառնայ կրօնական հասարակութեան անդամ։
Խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը, վստահեցուց թէ Կաթողիկէ կողմը մտադիր է լիովին ճանչնալու իր հաւատքի հրէական արմատները մաղթանք յայտնելով որ Հրեաներն ալ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեն` ճանչնալու քրիստոնէութիւնը։
''Իրարու Հոգեւոր ժառանգութեան ճանաչումը եւ գնահատանքը հանդէպ այն բաներուն որ մեզ կը միացնէն ու յարգանքը հանդէպ այն բաներուն որ մեզ կը բաժնեն, կրնան հանդիսանալ որպէս ուղեցոյց ` յետագայ մեր յարաբերութիւններու զարգացումին համար'', ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով թէ ''միասնաբար կրնանք նպաստել խաղաղութեան գործընթացին, միասնաբար կրնանք վկայել արարչագործութեան Աստուածային նշանակութիւնը, միասնաբար կրնանք դիմագրաւել եւ հակազդել հակահրեայ որեւէ արարքի եւ որեւէ այլ խտրականութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.